2013-12-29 13:07:02

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած աղօթքը։


Կիրակի, 29 դեկտեմբեր, Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին արտասանեց իրեն յօրինած Սուրբ Ընտանիքի նուիրուած աղօթք մը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը դիմելով Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին, Անորմէ խնդրեց <<մեր ընտանիքները դարձնել հաղորդութեան եւ աղօթքի վերնատուներ, Աւետարանի իսկական դպրոցներ եւ ընտանի փոքր եկեղեցիներ։
Թող ընտանիքներ երբե՛ք այլեւս չի փորձարկեն բռնութիւնն ու բաժանումը, եւ անոնք որ վիրաւորուած ու գայթակղած են, վերագտնեն բուժումն ու մխիթարութիւնը։
Սրբազան Հայրը, աղօթքին մէջ, ակնարկելով Ընտանիքի մասին գումարուած յառաջիկայ սիւնհոդոսին , Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքէն խնդրեց որ այդ սիւնհոդոսը կարենայ բոլորին մէջ արթնցնել գիտակցութիւնը` Ընտանիքի սուրբ ու անձեռնմխելի բնոյթին ու անոր Աստուծոյ ծրագիրին մէջ գեղեցկութեան։
Յիսուս Մարիամ եւ Սուրբ Յովսէփ, ունկնդրեցէք ու համապատասխանեցէք մեր այս աղերսանքին։ Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.